2014-02-11 10:05:43

''Պարզ ուխատաւոր մը` հասած իր վերջին հանգրուանին''։


28 փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 8-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի, 11 փետրուար 2013-ին ներկայացուցած հրաժարականը ի զօրու կը դառնար։
Վստակաւոր Քահանայապետը իր քահանայապետութեան վերջին օրը հանդիպում ունենալով Կարտինալական դասին հետ, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ''յարգանք եւ հնազանդութիւն՝՝ խոստանալով իր յաջորդին։ Մինչ երեկոյեան Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցի պատշգամէն արտասանած իր հակիրճ խօսքին մէջ, ըսաւ. ''այսօրուընէ կը դառնամ պարզ ուխատաւոր մը, հասած իր կեանքի վերջին հանգրուանին։ Սակայն կ՛ուզեմ բոլոր սրտովս, ամբողջ սիրովս, իմ աղօթքներովս, խորհրդածութեամբ, եւ ներքին բոլոր ուժերովս աշխատիլ Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան ու հասարակաց բարիքին համար''։ Ասոնք եղան խոնարհ ու վեհանձն քահանայապետի վերջին խօսքերը, 7 տարի 10 ամիս եւ 9 օր տեւող քահանայապետութեան աւարտին։
11 Փետրուար 2013-ը դարձաւ մարդկութեան պատմութեան էջերու կարեւոր մէկ թուական` Քահանայապետ մը կը հրաժարէր իր գահէն։ Լուր մը որ համայն աշխարհը զարմացուց եւ շփոթութեան մատնեց...
''Աշխարհի Լոյս'' հարցազրոյց գիրքին մէջ Սրբազան Հայրը վերապահօրէն եւ խոհեմութեամբ անդրադարձած էր իր քահանայապետութեան ապագայի մասին։ Ան յստակօրէն արտայայտած էր թէ իր կատարածը առաքելութիւն մըն է եւ ոչ թէ իշխանութեան բանեցում։ Իր քահանայապետութեան շրջանի սկիզբը իքնզինք որակած էր ''խոնարհ ծառայ մը Տիրոջ այգիին մէջ'' որ իմաստուն կերպով իր ֆիզիքական տկար ուժերը օգտագործեց լաւագոյն կերպով կատարելու իրեն յանձնուած անձնուէր պաշտօնը։
2013-ի 11 փետրուարին իր գումարած կարտինալական խորհրդաժողովին ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը, ժողովականներուն յայտարարեց թէ, յառաջացած տարիքի բերումով (85 տարեկան) ու եկեղեցւոյ բարիքին համար, փետրուար 28ին, պիտի հրաժարէր Սուրբ Պետրոսի գահէն։
''Սիրեցեալ եղբայրներ, այս խորհրդաժողովին ձեզ հրաւիրեցի ոչ միայն միասնաբար քննարկելու երանելիներու սրբադասումը այլ նաեւ ձեզի հաղորդելու, եկեղեցւոյ կեանքին հայող, շատ կարեւոր որոշում մը։ Զանազան անգամներ Աստուծոյ առջեւ քննելէ ետք խիղճս, հասայ այն համոզումին որ` ուժերս, յառաջացած տարիքի բերումով, այլեւս ատակ չեն պատշաճ կերպով կատարելու ինծի յանձնուած պաշտօնը։
Գիտակից եմ, որ այս պաշտօնը իր հոգեւոր բնութեամբ, պէտք է կատարուի ոչ միայն գործերով եւ խօսքերով, այլ ոչ նուազ նաեւ` չարչարուելով եւ աղօթելով: Յաճախակի փոփոխումներու ենթարկուած, եւ հաւատքի կեանքի մեծ նշանակութիւն ունեցող հարցերով վրդոված ներկայ աշխարհին մէջ, Սուրբ Պետրոսի նաւը կառավարելու համար եւ Աւետարանը հռչակելու համար անհրաժեշտ է նաեւ կենսունակութիւնը, ըլլա՛յ մարմնի ըլլա՛յ հոգիի, կենսունակութիւն մը, որ վերջին ամիսներուն մէջս նուազեցաւ, այնպէս որ ընդունեցայ, իմ անկարողութիւնս, լաւ մատակարարելու համար ինծի վստահուած պաշտօնը''։
Սրբազան Հայրը ապա աւելցուց.
''Գիտակից այս որոշումի կշիռքին, ազատ կամքով, կը յայտարարեմ հրաժարիլ Հռոմի եպիսկոպոսի` Սուրբ Պետրոսի յաջորդի պաշտօնէն` որ ինծի վստահուեցաւ 19 ապրիլ 2005-ին, կարտինալներու կողմէն։ Այնպէս որ յառաջիկայ 28 փետրուար 2013-ի ժամը 20էն սկսեալ Ս. Պետրոսի աթոռը թափուր կը մնայ։ Առ այդ պէտք է գումարուի կարտինալներու ժողով մը նոր քահանայապետի ընտրութեան համար։''
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակած էր ըսելով ''Եկեղեցին վստահինք անոր Գերագոյն Հովիւին` Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, ու հայցենք Անոր Մօր Մարիամէն` որ իր Մայրական բարութեամբ, ընկերանայ Կարտինալ Հայրերուն, ընտրելու` նոր Քահանայապետ մը։
Գալով ինծի, ապագային նաեւ, կ՛ուզենամ ամբողջ սրտով ծառայել Աստուծոյ Սուրբ Եկեղեցիին` աղօթքի նուիրուած կեանքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.